2015-01-12 13:22:24

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ելոյթը իտալական ''Լա Սթամբա'' օրաթերթին հետ` ''աղքատներուն խնամակալութիւնը Աւետարան է եւ ոչ թէ համայնավարութիւն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Աղքատներու հանդէպ հոգածութիւնը կը գտնենք Աւետարանին մէջ, անիկա համայնավարութեան գիւտը չէ, յայտնած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ելոյթ ունենալով Իտալական ''Լա Սթամբա''օրաթերթին լրագրողներուն հետ որոնք հարցազրոյցէն մեկնելով հրատարակեցին ‘’ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, այս մահաբեր տնտեսութիւնը’’ խորագրով գիրք մը նուիրուած Քահանայապետին ընկերային ուսուցումին։ Հատորը, (Piemme տպագրութիւն) լոյս պիտի տեսնէ երեքշաբթի` 13 Յունուար 2015ին ու կը պարունակէ եւ կը վերլուծէ աղքատութեան, գաղթականութեան, ընկերային արդարութեան ու Արարչագործութեան պահպանումի հայող վարդապետութիւնները։
Լա Սթամբա օրաթերթը, կիրակի 11-յունուարին, կանխեց հարցազրոյցին պարունակութեան մեծ մասը որուն մէջ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը շեշտէ որ Եկեղեցին դարերու հոլովոյթին միշտ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է աղքատին հոգածութեան վրայ։ Բաւարար է վերակոչել քրիստոնէութեան առաջին դարերու հայրապետները` Բ. եւ Գ. դարերը։ Անոնց քարոզները կարելի չէ վերագրել մարքսիսդ գաղափարախօսութեան, դիտել տուաւ ֆրանչիսկոս Պապը։ Երբ Եկեղեցին կը հրաւիրէ յաղթահարելու անտարբերութեան համաշխարհայնացումը ան հեռու է քաղաքական շահերէ ու որեւէ գաղափարախօսութենէ։ Անիկա կը շարժի ու կը հիմնուի միմիայն Քրիստոսի խօսքերուն վրայ եւ կ’ուզէ իր նպաստը բերել կերտելու համար աշխարհ մը ուր մէկը միւսին կ’օգնէ ու կը պաշտպանէ։

Համաշխարհայնացում։
Համաշխարհայնացումը մէկ կողմէ բազմաթիւ անհատներուն օգնեց աղքատութենէն ձերբազատուելու, հետը բերելով համաշխարհային հարստութեան մեծ աճում մը, սակայն միաժամանակ ան դատապարտեց բազմաթիւ այլ անհատներ ու յառաջացուց սով եւ ընկերային անհաւասարութիւն ու ծնունդ տուաւ նոր աղքատներու։
Սրբազան Հայրը, դիտել տուաւ թէ տնտեսական ու ընկերային նոր համակարգով Դրամը կեդրոնը դարձաւ մարդու կեանքին, նոր կուռքի առարկայ, իսկ այրերն ու կիները` դարձան լոկ միջոցներ։ Ներկայիս մշակոյթի, քաղաքականութեան, ընկերաբանութեան մէջ կը գերիշխէ ''մերժումը'' այն ինչ որ չի ծառայեր կը մերժուի` Մանուկները, երիտասարդները, տարեցները։

Մերժումի մշակոյթը հետը կը բերէ նաեւ գաղտագողի հեշտամահը լքուած տարեցներու։ Փոխանակ նկատել տարեցները, որպէս ‘’մեր յիշողութիւնը, կապը մեր անցեալին եւ իմաստութեան աղբիւր ներկային համար'' ընկերութիւնը զանոնք կը նկատէ ''աւելորդ'' մը։ Երիտասարդները եւս զոհ են այս վերաբերմունքին, դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը ակնարկելով թէ, բարգաւաճ երկիրներու մէջ միլիոնաւոր երիտասարդներ գործազուրկ են, անուանելով զանոնք` ''ոչ,ոչեր''։ Երիտասարդներ, որոնք ոչ ուսում կը կատարեն, որովհետեւ նիւթական միջոց չունին եւ ոչ ալ կ՛աշխատին որովհետեւ գործ տուող չկայ։ Նորին Սրբութիւնը հարց տուաւ, ո՞վ պիտի ըլլայ յաջորդ ‘’մերժումը’’։

Լուծել աղքատութեան հարցը աշխարհը դարմանելու համար
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց` ''կանգ առնել, եթէ կարելի է, չնկատել այս իրավիճակը որպէս անվերադարձ, չհամակամիլ, այլ աշխատիլ կերտելու ընկերութիւն մը, տնտեսութիւն մը ուր մարդը ու անոր բարիքը եւ ոչ դրամը հանդիսանայ որպէս կեդրոն, որովհետեւ աղքատներու հարցը եթէ չի լուծուի պիտի չկարողանանք լուծել աշխարհի խնդիրները։
Հարկաւոր է, մատնանշեց Քահանայապետը, տնտեսութեան բարոյականը, քաղաքականութեան բարոյականը։ Հարկաւոր են յայտագրեր, մեքենայականութիւններ ու ծրագիրներ որդեգրել հարստութիւններու լաւագոյն բաշխումին, աշխատանքի ստեղծումին ու մերժուածներուն ամբողջական ներառումին ի սպաս։

Ոչ շուկայի բացարձակ ինքնավարութեան
Յատկապէս կարիքը ունինք մարդոց ու կիներուն որոնք բազկատարած աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած, գիտակից որ սէրէն ու բաժնեկցութենէն կը բխի հարազատ բարգաւաճում։ Թող այս այրերն ու կիները ստանձնեն պատասխանատուութիւնը ընկերային, քաղաքական, պետական ու տնտեսական մարզերէն ներս, հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով թէ ''նոնց մտասեւեռումը ըլլալու է հասարակաց բարիքը եւ թէ պէտք չէ թողուլ որ շուկաները ու շահադիտութիւնը բացարձակ ինքնավարութիւն վայելեն։
''Այլեւս կարող չենք սպասել'', ազդարարեց Քահանայապետը, ու թելադրեց լուծել աղքատութեան կառուցուածքային պատճառները, դարմանել ընկերութիւնները հիւանդութենէ մը որ կարող է յառաջ բերել այլ տագնապներ։

Պարտադիր աղքատ թիւնը (pauperismo), Աւետարանի ծաղրանկար։
Հարցազրոյցին աւարտին Քահանայապետը կը յիշեցնէ որ Աւետարանը չի դատապարտեր հարուստները, այլ պաշտամունքը հարստութեան, որ մարդ արարածը կը դարձնէ անզգամ աղքատին աղաղակին։ Ուստի կը խնդրէ զգուշանալ պարտադիր աղքատութենէն, սահմանելով զայն որպէս Աւետարանի մէկ ծաղրանկարը։
Մինչ աղքատութեան ու աւետարանական ապրումի միջեւ կապը կը նշանակէ հոգալ մերձաւորին, աղքատին, մարմնով ու հոգիով տառապողին ու կարօտեալին։ Ասիկա պարտադիր աղքատութիւն չէ` կ՛եզրափակէ ֆրանչիսկոս Պապը, այլ Աւետարան է։








All the contents on this site are copyrighted ©.